Ժագ տը Մորկանի հետքերով

«Հայաստանը եղած է մարդկային պատմութեան մեծ բնօրրաններէն մէկը»

                                                                                                                          Ժագ տը Մորկան

Ժագ տը Մորկան (1857-1924), ֆրանսացի հնագէտ եւ պատմաբան է: Կատարած է Աքքեմենեան Պարսկաստանի մայրաքաղաք Շոշ քաղաքի պեղումները, ինչպէս նաեւ գրած է հետազօտութիւններ Ուրարտուի մասին: Հեղինակն է «Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը» աշխատութեան։ 1887-89 թուականներուն Ալավերդիի եւ Ախթալայի մէջ կատարած է պեղումներ՝ յայտնաբերելով պղինձէ զարդեր, զէնքեր, կենցաղային առարկաներ։

***

11 Դեկտեմբեր 2024-էն մինչեւ 15 Մարտ 2025 Հայաստանի պատմութեան թանգարանը կը ներկայացնէ ֆրանսացի անուանի հնագէտին նուիրուած ցուցահանդէս մը:

Ժագ տը Մորկան առաջին անգամ ժամանած է Հայաստան 1886-ին, իբրեւ ճարտարապետ, գործուղուած ֆրանսացի ներդրողներու կողմէ, Ախթալայի հանքերուն մէջ աշխատելու: Ան վերադառնալով ֆրանսա կը համոզէ Հանրային կրթութեան նախարարութիւնը, որ ինք՝ հնագիտական ուսումնասիրութեան նպատակով մեկնի Հայաստան: Լոռիի մարզին մէջ կը պեղէ 1003 դամբան, որոնք ժամակագրականօրէն կ’երթան ՔԱ. 15-րդ դարէն մինչեւ ՔԱ. 2-1-րդ դար:

Մորկան իր պեղած համալիրները դասակարգած է 4 մասի.

ա) պրոնզէ եւ երկաթէ գոյք,

բ) միջին չափի սալարկղեր եւ քարարկղեր,

գ) դոլմենաթիփ կառոյցներ

դ) դամբարանախուցեր, որոնք ծածկուած են սալաքարերով:

Իր կատարած պեղումներէն Մորկան կը հետեւցնէ, որ երկաթի գործածութիւնը սկսած է Հայաստանի մէջ:

Ան ականատես կ’ըլլայ Համիտեան կոտորածներուն եւ հանդէս կու գայ հայերու պաշտպանութեամբ: Այս առնչութեամբ Փարիզի մէջ կը հրատարակէ «Փորձ ազգութիւններու մասին» եւ «Արեւելքի բարբարոսներուն դէմ» աշխատութիւնները: Արշակ Չօպանեանի խնդրանքով Փարիզի մէջ կը տպագրէ «Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը» գիրքը, որուն նպատակը կ՚ըլլայ եւրոպացիներուն ծանօթացնել հայ ժողովուրդն ու Օսմանեան կայսրութեան կատարած վայրագութիւնները անոր նկատմամբ:

Ժագ տը Մորկանի պեղած գլխաւոր դամբարաններն են.

1- Մուսի-Երիի դամբարան

Ալավերդի քաղաքէն 3 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող այս դամբարանը ունի 6 հեկտար տարածութիւն: Այս դամբարանին մէջ գտնուած են երկաթէ եւ պրոնզէ զէնքեր, ապակեայ ուլունքներ, պրոնզէ գօտիներ, մատանիներ եւ օղեր: Այս դամբարանին մէջ գտնուած դաշոյնները Մորկան բաժնած է երկու մասի՝ պարզ եւ զարդաքանդակ բռնակներով: Մորկանի կարծիքով նման դաշոյններ օգտագործուած են նաեւ Ասորեստանի մէջ ՔԱ. 8-րդ դարուն:

2- Ախթալայի դամբարանադաշտ

Ախթալայի հիւսիսը իրականացուած պեղումներու ընթացքին Ժագ տը Մորկան յայտնաբերած է 118 դամբարան, ուր գտնուած են բազմաթիւ կաւէ ամաններ, ապարանջաններ, ուլունքներ, շքասեղներ, զէնքեր, գօտիներ եւ այլն: Ախթալայի դամբարաններու կաւէ ամաններուն մէջ յայտնաբերուած են նաեւ սնունդի մնացորդներ:

Այս օրերուն երբ մեր թշնամի պետութիւնները յառաջ կը քաշեն հայերուս եկուոր ըլլալու խօսոյթը, Մորկանի շնորհիւ կատարուած պեղումներու գտածոները կը փաստեն հակառակը: Հայ ժողովուրդը երախտապարտ է Մորկանի նման անձնաւորութիւններու, որոնք իրենց կեանքն ու գործունէութիւնը նուիրած են հայ ժողովուրդին:

Վեհան ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

«Նոր Յառաջ»