Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով Մարտ 13-ին Պաքուի մէջ յայտարարած է, թէ «Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի բնագրին վրայ տարուող աշխատանքները աւարտած են եւ Երեւան ընդունած է համաձայնութեան կարօտող վերջին երկու կէտերը»։ Լուրը կը հաղորդէ ազերպայճանական «ԱՓԱ» լրատու գործակալութիւնը։
Պայրամովի համաձայն՝ յաջորդ փուլին «Հայաստանի Սահմանադրութենէն պէտք է ջնջուին Ազերպայճանի ուղղուած տարածքային պահանջները։ Բացի ատկէ, պէտք է լուծուին Մինսքի խումբն ու անոր մնացորդները»։
Հայաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութենէն կը հաղորդեն, թէ Ազերպայճանի հետ «խաղաղության համաձայնագիրը» պատրաստ է ստորագրութեան, Հայաստան պատրաստ է Ազերպայճանի Հանրապետութեան հետ սկսելու խորհրդակցութիւններ՝ Համաձայնագրի ստորագրութեան թուականին ու վայրին շուրջ։
«Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԳ նախարարութիւնը դիւանագիտական խողովակներով Ազերպայճանի ԱԳ նախարարութեան հաղորդած է, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընդունում է “Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին համաձայնագրի” նախագծի չհամաձայնեցուած երկու յօդուածների վերաբերեալ Ադրբեջանի առաջարկները եւ առաջարկել է հանդէս գալ համատեղ յայտարարութեամբ՝ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծի բնագրի համաձայնեցուած լինելու եւ նախագծի համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւնների աւարտի մասին։
Բաքուն նախընտրել է հանդէս գալ միակողմանի յայտարարութեամբ»,– յատկապէս նշուած է ԱԳ նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Նշենք, թէ նախորդ օր՝ Մարտ 12-ին, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարած էր, թէ Հայաստան պատասխանած է խաղաղութեան պայմանագրի՝ Պաքուի վերջին խմբագրած տարբերակին: Ան չէր բացառած նոյնիսկ համաձայնագրի ստորագրումն ու վաւերացումը: Նախագիծի դեռ համաձայնութեան կարօտող յօդուածները կը վերաբերէին միջազգային դատական դիմումներէ փոխադարձաբար հրաժարելու եւ հայ-ազերպայճանական սահմանին երրորդ երկիրներու ուժեր չտեղակայելու: Թէ ինչ համաձայնութիւն գոյացած է այս հարցերու շուրջ, առայժմ յստակ չէ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։