Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ Յունուար 18-ին տեղի ունեցած է Ապահովութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ, որուն մասնակցած են նաեւ Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները:
Նիստին ներկայացուած են Ազերպայճանի կողմէ Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի փակման պատճառով Արցախի մէջ արդէն 38 օրէ ի վեր տեւող մարդասիրական ճգնաժամի հետեւանքները, քննարկուած են անոնց յաղթահարման միջոցները։
Արցախի նախագահը տեղեկացուցած է, թէ Յունուար 15-ին ռուսական կողմի միջնորդութեամբ հաստատուած է հաղորդակցութիւն ազերպայճանական կողմին հետ՝ ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման նպատակով, սակայն Արցախը արտաքին աշխարհին կապող միակ մայրուղիի վերաբացման ուղղութեամբ որեւէ յառաջընթաց չէ արձանագրուած: Ատոր փոխարէն, Յունուար 17-ին կազամատակարարման խաթարման հետեւանքով նոր լուրջ խնդիրներ ստեղծուած են:
Մինչդեռ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով առնուազն երեւութապէս լուրջ յոյսեր կապած էր արցախեան եւ ազերպայճանական կողմերուն վերոնշեալ հանդիպումին, ենթադրելով, թէ Բերձորի միջանցքի հարցը կը կարգաւորուի։
Ան յիշեցուցած է, որ Յունուար 17-ին տեսակցած է Ազերպայճանի իր պաշտօնակից Ճեյհուն Պայրամովի հետ եւ վերջինիս յիշեցուցած, թէ Բերձորի միջանցքը, ըստ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնագրին, պէտք է բաց ըլլայ քաղաքացիներու, ապրանքներու փոխադրութեան եւ երթեւեկի միջոցներու համար։
Լաւրով նշած է, որ այդ համաձայնագրին մէջ յատկապէս ամրագրուած է, որ այդ ճամբով պէտք չէ ռազմական բեռներ փոխադրուին։
“Այժմ մեր զինուորականները կ՚ուսումնասիրեն Ազերպայճանցիներու հաղորդած տուեալները առ այն, որ հայկական կողմը ականներ փոխադրած է այս միջանցքով, այնուհետեւ այդ ականները օգտագործուած են եռակողմ համաձայնութեան խախտումով՝ ականապատելու համար ազերպայճանական դիրքերուն յարող տարածքները”,– ըսած է Լաւրով։