ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեան մտահոգիչ կը համարէ Ազերպայճանի կողմէ հնչող յայտարարութիւնները

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան մտահոգիչ կը համարէ Ազերպայճանի կողմէ հնչող յայտարարութիւնները:

“Մենք կը տեսնենք, որ մեծ թափով ռազմափորձեր տեղի կ՚ունենան, ինչպէս նաեւ թռիչքներ՝ այլ երկիրներէ, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ ռազմամթերք կը փոխադրեն Պաքու”,– Յունուար 23-ին, լրագրողներու հետ ասուլիսին յայտնած է Գրիգորեան:

Իսկ Հայաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան համաձայն՝ ահազանգելու բան չկայ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը նոյն օրը հրապարակած իր տարեկան զեկոյցին մէջ Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի դէմ լայնամասշտաբ ռազմական յարձակման հաւանականութիւնը բարձր չէ գնահատած։

«Տարբեր փաստերու, տեղեկութիւններու եւ երեւոյթներու վերլուծութեան հիման վրայ սոյն զեկոյցի հրապարակման պահուն՝ Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի դէմ լայնամասշտաբ ռազմական յարձակման հաւանականութիւնը բարձր չենք գնահատեր»,– յատկապէս նշուած է Քրիստինէ Գրիգորեանի գլխաւորած կառոյցի զեկոյցին մէջ։