Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը Փետրուար 6-ին նամակ մը յղած է ԱՄՆ–ու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփին, անկէ խնդրելով միջամտել Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ պատանդներու ազատ արձակման հարցով։
Ստորեւ նամակին ամբողջական բովանդակութիւնը.
«Յարգելի՛ պարոն Նախագահ,
Առանձնայատուկ ուրախութեամբ կ‘ողջունեմ Ձեզ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 47-րդ նախագահի պաշտօնին ստանձման առիթով։ Կ‘աղօթեմ, որ Սպիտակ Տուն Ձեր յաղթական վերադարձով «Ոսկեդար» մը բացուի Միացեալ Նահանգներու արդի պատմութեան մէջ։
Մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցայ Ձեր երդման ճառին։ Ան յստակ ուրուագիծն էր Ձեր նախապատւութիւններուն՝ առաջնորդուած հզօր հաւատքով եւ ամուր յանձնառութեամբ։ Պէրոն Նախագահ, Ձեր ճառին մէջ Դուք Ձեզ ներկայացուցիք որպէս «խաղաղարար»։ Իրօք մարտահրաւէրային յանձնառութիւն մը՝ բազմաթիւ լարումներով եւ հակամարտութիւններով մորմոքած աշխարհի մը մէջ։ Կը հաւատամ, որ ԱՄՆ–ն եզակի դիրքի տէր է նման քաջարի առաքելութեան ձեռնարկելու համար։ Առաքելութիւն մը, որ անկասկած խոստմնալից ընթացք մը պիտի բանայ համաշխարհային պատմութեան մէջ։
Ձեր նախընտրական յայտարարութեան մէջ, Դուք իրաւացիօրէն դատապարտեցիք Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) հայ քրիստոնեաներու ցեղային զտումը Ազերպայճանի կողմէ, շեշտեցիք բնիկ հայերու՝ իրենց արցախեան հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը եւ կոչ ըրիք Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան վերահաստատման։ Ձեր ընտրութեամբ, աշխարհ Ձեզմէ կը սպասէ գործել այս յանձնառութիւններուն համաձայն՝ հաստատելով Ձեր դերը որպէս համաշխարհային խաղաղարար։
Ուստի, կը փափաքիմ Ձեր բարեացակամ ուշադրութիւնը հրաւիրել հարցի մը վրայ, որ կը շարունակէ խոր վիշտ եւ մտահոգութիւն պատճառել աշխարհասփիւռ բոլոր հայերուն։ Տասնեակներով հայ պատանդներ ապօրինաբար կը պահուին Պաքուի մէջ՝ Ազերպայճան, աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր։ Անոնցմէ տասնվեցին՝ Արցախի նախկին նախագահներու, վարչապետերու եւ քաղաքական ղեկավարներու փակ դռներու դատավարութիւնները սկսան 2025 Յունուար 17-ին, առանց միջազգային դէտերու ներկայութեան կամ նոյնիսկ նուազագոյն իրաւական ընթացակարգի։
Պարոն Նախագահ, հայ ժողովուրդը խորապէս պիտի գնահատէ, եթէ Դուք դիմէք Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին՝ այս բանտարկեալները անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու կոչով, համաձայն Ազերպայճանի՝ միջազգային իրաւունքի պարտաւորութիւններուն ներքոյ։ Նման քայլ մը զգալիօրէն պիտի նպաստէ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին, պիտի օգնէ խթանելու բարի կամքը եւ հայերու Արցախ վերադարձին նպաստաւոր կառուցողական միջավայրի մը հաստատման, պիտի զարգացնէ փոխըմբռնումը տարածաշրջանին մէջ եւ պիտի հանդիսանայ Ձեր խաղաղարար առաքելութեան շօշափելի արտայայտութիւնը։
Թող Աստուած պահպանէ եւ առաջնորդէ Ձեզ, երբ կը ստանձնէք այս վճռական առաքելութիւնը՝ համաշխարհային պատմութեան բեկումնային հանգրուանի մը։ Մեծապէս կը սպասեմ անձամբ մեր երկխօսութիւնը շարունակելու առիթին։
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա.
Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ»
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։