Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Ասթանայի մէջ, Ղազախստանի փոխվարչապետ եւ Արտաքին գործոց նախարար Մուրատ Նուրթլէուի հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսին, անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն:
AzerTac պետական լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Պայրամով կրկին թուարկած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան հոլովոյթին «խոչընդոտները»:
«Հակառակ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութեան ուղղութեամբ կտրուած մեծ ճանապարհին, անգամ մը եւս կ’ուզեմ նշել, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Ազերպայճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու առկայութիւնը, Հայաստանի զինումը եւ այդ երկրին մէջ առկայ վրէժխնդրութեան միտումը կը շարունակեն մնալ խաղաղ գործընթացի ամէնէն մեծ խոչընդոտները»,- ընդգծած է ան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։