Եւրոպական խորհրդարանը կը քննարկէ Պաքուի մէջ ընթացող հայ գերիներու կեղծ դատավարութեանց հարցը

Եւրոպական խորհրդարանը իր լիագումար նիստին կը քննարկէ Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու հարցը։

«Ազերպայճանի կողմէ հայ գերիներու ապօրինի ձերբակալութիւնները եւ բարձրաստիճան քաղաքական ներկայացուցիչներու կեղծ դատավարութիւնները» խորագրով քննարկումները նախատեսուած էին Մարտ 12-ին, իսկ հրատապ բանաձեւի քուէարկութիւնը Մարտ 13-ին։