Արամ Ա. կաթողիկոս շնորհաւորած է Լիբանանի նորընտիր նախագահը 

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շնորհաւորական նամակ մը յղած է Լիբանանի նորընտիր նախագահ Ժոզեֆ Աունին՝ ողջունելով անոր ընտրութիւնը եւ ընդգծելով, որ այս ընտրութեամբ նոր էջ մը կը բացուի Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան մէջ: 

Նորին սրբութիւնը յոյս յայտնած է, որ վերջին տարիներու Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներէն ետք, նախագահ Աունի ընտրութեամբ վերականգնումի ու վերածաղկումի նոր շրջան մը պիտի սկսի ընկերութեան կեանքի զանազան մարզերէն ներս: Միաժամանակ, Վեհափառ Հայրապետը վստահեցուցած է նախագահը, որ Լիբանանի հայ առաքելական համայնքը կը մնայ անոր կողքին՝ զօրակից ու մասնակից Լիբանանի վերականգնումին նպաստող բոլոր աշխատանքներուն: Հայրապետը նաեւ յայտնած է, որ մօտ ապագային պիտի այցելէ նախագահական պալատ՝ անձնապէս հաղորդելու իր շնորհաւորութիւնները: