Հայաստանի պետութեան բոլոր հակասութիւններն ու երազանքները, ողբերգութիւններն ու փառաբանութիւնները կու գան ու կանգ կ՚առնեն բանակի դռան։ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիք հանդիսացած է բանակը, աւելի քան դիւանագիտութիւնը։ Մանաւանդ Ազէրպայճանի եւ Թուրքիոյ նման երկու դրացիներու հարեւանութեամբ, որոնք տարածաշրջանի պատմութեան մէջ միշտ ռազմական լուծումը գերադասած են, փոքր պետութիւններու եւ անտէր փոքրամասնութիւններու նկատմամբ։ Ռազմական միջոցներով հաստատուած են տարածաշրջանին մէջ։
Եթէ բանակը վերջին պատերազմը շահէր՝ փառք ու պատիւ պիտի շռայլուէր անոր, երեսուն տարուան պետականաշինութեան ռազմավարութեան յաղթանակը եւ քաղաքական խօսոյթի իրաւացիութիւնը պիտի հաստատուէր։ Սակայն, կորսնցուց ու երկիրը մտաւ դժոխային փապուղի՝ քաղաքական դասի երկփեղկում, եղբայրատեաց յարաբերութիւններ, դաւաճանական ամբաստանութիւններ։ Իսկ նման ողբերգութենէ ետք, արդար քննութեամբ, դատավարութեամբ՝ գլխաւոր պատասխանատուներու յայտնաբերում չեղաւ։
Երբ մարդկային, միջպետական բանակցային բոլոր ջանքերը դադրեցան արդիւնաւէտ հանդիսանալէ, դարձան իմաստազուրկ, յատկապէս ազէրական կողմին համար, հնչեց բիրտ ուժի ժամը։ Սպասելի էր բոլորին համար։ Նա՛եւ՝ հայկական կողմին։ Եթէ հայկական քաղաքական դասը ինքնավստահ, դեռ կը հակառակէր Ազէրիներուն եւ միջազգային միջնորդներուն, պատճառը՝ հայկական բանակի հրամանատարութեան բարձրագոչ դիրքորոշումն էր, որ ինք կարող է դիմագրաւելու ազէրական որեւէ յարձակում եւ անառիկ պահելու Հայաստանի ու Արցախի սահմանները։ Անմոռանալի է «նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» լոզունգը։ Սակայն, պատերազմը ցոյց տուաւ հակառակը, որ բանակի հրամանատարութիւնը բոլորովին ձախողած է իր առաքելութեան մէջ եւ հայկական քաղաքական դասուն ազգասիրական ճառերը, բանակի անխորտակելիութեան խօսոյթը կեղծիք էին։ Քաղաքական դասը գիտէ՞ր ճշմարտութիւնը, բանակի խոցելիութեան աստիճանը. անկասկած գիտէր։ Կրնա՞ր հակառակիլ բանակի հրամատարութեան կամքին ու դիրքորոշումին՝ կը մնայ մեծագոյն հարցականը։
Բանակի օրը, Հայաստանի բանակի հիմնադիրներուն եւ անոնց գլխաւորին՝ Վազգէն Սարգսեանի յիշատակի օրն է նաեւ։ Անոր սպանութիւնը ազգային մեծ ողբերգութիւն էր։ Անոր սպանութեամբ բանակաշինութիւնը եւս մեծ հարուած մը կը ստանար։ Բնականաբար, պետութեան գլխուն նստած նոր ղեկավարները պէտք էր բանակին տիրէին։ Եւ տիրեցին, նախկին երկու նախագահները՝ Քոչարեան եւ Սարգսեան բանակին մէջ եւս փտախտի ներթափանցումին ճարտարապետները հանդիսացան։ Ո՛չ միայն Հայաստանի բանակին, այլ նաեւ՝ Արցախի։ 2018-ի ժողովրդային պոռթկումը, Թաւշեայ յեղափոխութիւնը, այս իրադրութեան արդիւնք էին, սակայն պոռթկումը աւելի հեշտ էր, քան պետական վարչամեքենան մաքրել կաշառակեր գործելակերպէն, մտայնութենէն, իսկ բանակի եւ զինեալ ուժերու պարագային՝ քաղաքական դասը մնաց զինաթափ, նախընտրելով յորդորները եւ փոքր բարելաւումները, զինակոչիկներու կեանքի պայմանները բարելաւելու միջոցը։
Արցախի երկրորդ պատերազմը եկաւ ցոյց տալու որ՝ բանակը անպատրաստ է, հրամատարութիւնը անկազմակերպ է, երեսուն տարեկան հասակին՝ տարրական խնդիրներ չէ կրցած լուծել, ինչպէս՝ պաշտպանական երկրորդ գիծի մը բացակայութիւնը, հեռահաղորդակցական, սպառազինական թերութիւնները, թուային՝ 5-րդ սերունդի պատերազմի մը անպատրաստութիւնը, մինչեւ իսկ ռազմական զգեստներու պաշտպանողականութեան թերութիւնը։
Այս աններելի անպատասխանատւութեան նկատմամբ՝ բանակի հրամանատարութիւնը մնաց լուռ։ Որքան որ քաղաքական դասը պատասխանատու է պարտութեան համար, աւելի եւս է՛ բանակի հրամանատարութիւնն ալ։ Քաղաքական ղեկավարութիւնը պարբերաբար ընտրութիւններու բերումով կը փոխուի, իսկ բանակը տասնեակ տարիներու երկայնքին կը կառուցուի, կը հաստատուի, քաղաքական խաղերէ ինքզինք հեռու կը պահէ։ Դժբախտաբար, այս չէր պարագան հայկական բանակին, որ պարտութենէն ետք ինքզինք բարեկարգելու եւ պատասխանատւութեան իր բաժինը ստանձնելու փոխարէն, փորձեց տապալել քաղաքական իշխանութիւնը։
Ժ.Չ. ■