ԳԵՐՄԱՆԻԱ – Պունտեսթակի նախկին երկու երեսփոխաններ կը դատուին Պաքուէն կաշառք ստանալու ամբաստանութեամբ 

Գերմանիոյ խորհրդարանի՝ Պունտեսթակի նախկին երկու երեսփոխաններ` Աքսել Ֆիշեր եւ Էտուարտ Լինթներ Ազերպայճանի կառավարութենէն կաշառք ստանալու ամբաստանութեամբ կը դատուին: Անոնց դատավարութիւնը սկսած է Յունուար 16-ին։ Լուրը կը հաղորդէ Պերլին հաստատուած ազերպայճանական Meydan TV-ն։

Ֆիշեր կ՚ամբաստանուի կաշառք ստանալու, իսկ Լինթներ՝ պաշտօնեաները կաշառելու մեղադրանքով՝ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) որոշումներուն վրայ Ազերպայճանի ի նպաստ ազդեցութիւն բանեցնելու նպատակով։

Գերմանացի քննիչներու տուեալներով՝ Լինթներ,– որ 2010-էն աշխատած է ԵԽԽՎ-ի մէջ, 2016-ին քանի մը միլիոն եւրօ ստացած է 19 կեղծ ընկերութիւններու միջոցով եւ այդ գումարներուն մէկ մասը տուած է այլ երեսփոխաններու, որ ըստ հետաքննութեան, պէտք է ազդէին իրեն անհրաժեշտ որոշումներու ընդունման վրայ։

Ֆիշեր, ըստ գործի նիւթերուն, ԵԽԽՎ-ի մէջ պարբերաբար հանդէս եկած է Ազերպայճանի շահերէն բխող ելոյթներով, որոնց դիմաց, ամբաստանութեան համաձայն, ստացած է 21 հազար 800 եւրօ կաշառք։

Ենթակաները կը հերքեն մեղադրանքները: