Անցեալ շաբաթ, գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ մէջ գործող ազէրպայճանական Haber Global ձայնասփիւռին, թրքական եւ ազէրպայճանական լրասփիւռներ հաղորդած էին լուրեր, ըստ որոնց Հայաստան իր ՍՈՒ-30ՍՄ 4 կործանիչները Ռուսաստանի տրամադրութեան տակ դրած էր ռմբակոծելու համար Ուքրաինան։
Լուրը անմիջապէս հերքուած էր ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ, բայց ըստ երեւոյթին այս հերքումը բաւարար նկատուած ըլլալու չէ ԵՄ-ի ու ՕԹԱՆ-ի կողմէ, որոնց՝ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ռազմական կցորդները պահանջած են այցելել այն օդային խարիսխը ուր կը գտնուին նշեալ կործանիչները։
Այցելութենէն ետք՝ անոնք յայտարարած են, թէ «իրենք կրկին անգամ համոզուած են», որ ՍՈՒ-30ՍՄ հալածիչներուն 4-ն ալ տեղւոյն վրայ են, եւ որ ազէրպայճանական ու թրքական մամուլին մէջ անոնց մասին շրջող լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան:
Այս դէպքը արդարօրէն զայրոյթ պատճառած է հայ աշխարհին։ Մինչ ՕԹԱՆ-ի եւ ԵՄ-ի անդամ շատ մը երկիրներ կը մնան բոլորովին անտարբեր Արցախի մէջ Ազէրպայճանի ձեռնարկած յարձակումներուն նկատմամբ ու ոչ մէկ քայլի կը դիմեն, միւս կողմէ՝ կը հետաքրքրուին հայկական հալածիչներուն տեղւոյն վրայ ըլլալ-չըլլալու հարցով, կայծակնային արագութեամբ այցեր կը ձեւակերպեն։
Այս դէպքը ատաղձ հայթայթած է նաեւ ներքաղաքական նոր վէճի։ Ընդդիմութիւնը յայտարարած է, թէ երեւոյթը փաստն է, թէ արտաքին աշխարհի մէջ ի՛նչ վարկ կը վայելեն Հայաստանի ներկայի իշխանութիւնները, որոնց հաւաստումները ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն, օրինակ այս պարագային՝ ԵՄ-ի եւ ՕԹԱՆ-ի աչքին։