The Jerusalem Post թերթին համաձայն՝ Իսրայէլի կառավարական յանձնախումբը զգուշացուցած է, որ երկիրը պէտք է պատրաստուի Թուրքիոյ հետ հաւանական պատերազմին։
“Մենք ականատես կ՚ըլլանք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հիմնական փոփոխութիւններու։ Այս զեկոյցը կարեւոր ճամբու քարտէս է Իսրայէլի ապագային համար”,– յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, անդրադառնալով Յանձնախումբի զեկոյցին։
Զեկոյցին մէջ յատկապէս կ՚ըսուի, որ Թուրքիա կը ձգտի վերականգնել Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին ունեցած ազդեցութիւնը։
Թուրքիոյ հետ հաւանական առճակատումի մը նախապատրաստուելու համար Յանձնախումը նաեւ կ՚առաջարկէ ընդլայնել երկրին սպառազինութիւնը. ձեռք բերել լրացուցիչ F-15 կործանիչներ, այլ սաւառնակներ, անօդաչու սարքեր եւ արբանեակներ՝ հզօրացնելու համար Իսրայէլի հեռահար հարուածի կարելիութիւնները եւ բարելաւելու՝ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։