ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ – Կլենտէյլի մէջ բացումը կատարուած է Համազգայինի նոր կեդրոնին

Փետրուար 1-ին, ԱՄՆու ամէնէն հայաշատ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուած է Համազգայինի «Արիս Սթամպոլեան» մշակութային կեդրոնին, համայնքի եւ քաղաքի ղեկավարներու, մշակութային եւ հասարակական գործիչներու, բարերարներու, Համազգայինի մեծ ընտանիքի՝ ՀՅԴի, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի, Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներու, Լոս Անճըլըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսի, Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ բազմաթիւ այլ հիւրերու մասնակցութեամբ:

Երկյարկանի ընդարձակ կառոյցը օժտուած է ցուցասրահով, գրադարանով, ժողովասրահով եւ զանազան տեսակի հաւաքներու համար նախատեսուած դահլիճով:

Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ Համազգայինի կեդրոն ունենալու երազը իրականացած է բարերարներ` տէր եւ տիկին Արիս եւ Անժելա Սթամպոլեանի եւ տէր եւ տիկին Ալպէր եւ Թէրրի Պէզճեանի իշխանական նուիրատւութիւններով, ինչպէս նաեւ Միութեան այլ բարերարներու եւ մասնաճիւղերու զօրակցութեամբ ու աջակցութեամբ: