Փետրուար 2-3, Տուպրովնիքի քաղաքապետին հրաւէրով՝ Չեխիոյ եւ Խրուաթիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Յովակիմեան մասնակցած է քաղաքի տօնին՝ Սուրբ Վլախի (Սուրբ Վլասիուսի) 1053-րդ փառատօնին:
Սուրբ Վլախը՝ Սեբաստիա քաղաքի 4-րդ դարու սկիզբի հայ եպիսկոպոս եղած է, որ նահատակուելէն ետք հռչակուած է համաքրիստոնէական սուրբ: Հայազգի եպիսկոպոսը դարեր յետոյ դարձած է Տուպրովնիքի սուրբը, պահապանը. քաղաքի դրօշին վրայ կը գտնուի սուրբին պատկերը, անոր քանդակները տեղադրուած են Տուպրովնիքի բոլոր անկիւնները: Տեղւոյն Սուրբ Վլախի եկեղեցւոյ մէջ այսօր կը պահուին հայ սուրբին գլուխը, աջ եւ ձախ ձեռքերն ու ոտքը։
Քաղաքին մէջ բոլորը գիտեն, որ իրենց սուրբ Վլախը՝ հայ էր, որու մասին փառատօնի հազարաւոր մասնակիցներուն մանրամասնութիւններ պատմած է հանդիսաւոր պատարագի քարոզիչ՝ Խրուաթիոյ մէջ Պապական նուիրակ, Ճորճիօ արք. Լինկուա:
Հայաստանի դեսպանը ներկայ գտնուած է Տուպրովնիքի քաղաքային խորհուրդի հանդիսաւոր նիստին, փառատօնի բացման արարողութեան, պատարագին եւ թափօրին, քաղաքապետին կողմէ տրուած ընդունելութեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։