Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները Պաքուի բանտին մէջ այցելած են Արցախի նախկին ղեկավարներուն

Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբի ներկայացուցիչները Պաքուի բանտին մէջ այցելած են Արցախի քաղաքական եւ ռազմական նախկին ղեկավարներուն։

Լուրը հաղորդած է Կարմիր խաչի Պաքուի գրասենեակի հանրային կապերու պատասխանատուն՝ նշելով, թէ հանդիպումին բանտարկուած գործիչներուն հետ գլուխ-գլխի հանդիպումներ կազմակերպուած են եւ անոնց համար «իրենց հարազատներուն հետ կապ հաստատելու առիթ ստեղծուած է»։

Ազերպայճանական ԱՓԱ գործակալութեան համաձայն՝ նշեալ այցելութիւնը տեղի ունեցած է Հոկտեմբերին։