Մեծն Բրիտանիա իր քաղաքացիներուն, զգուշացման ձեւով, կը թելադրէ խուսափիլ ճամբորդելէ դէպի արեւելեան Հայաստան՝ Ազերպայճանի հետ սահմանէն 5 քիլոմեթր հեռաւորութենէ անդին:
Բացի ատկէ, քաղաքացիներուն կը թելադրուի նաեւ չերթեւեկել Նոյեմբերեան-Իջեւան միջպետական ճամբով:
Իբրեւ պատճառ կը նշուի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ սահմանային լարուած կացութիւնը:
***
Եթէ նկատի ունենանք, որ Մեծն Բրիտանիա աշխարհի առաջնակարգ հետախուզական ենթակառոյցի տէր պետութիւններէն մէկն է,– թերեւս ալ առաջնագոյնը,– չենք կրնար չմտահոգուիլ ի տես սոյն զգուշացումին։
***
Ի դէպ, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան բրիտանական կառավարութեան այս զգուշացումը որակած է «մեղմացում», աւելցնելով որ նախապէս շատ աւելի խիստ զգուշացում կար Հայաստան ճամբորդութիւններու համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։