Սեպտեմբեր 24-ին, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Ազէրպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներ՝ Միրզոյեան եւ Պայրամով, որ առաջինն էր՝ 2020 Նոյեմբերէն ի վեր։
Այս առթիւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահները հրապարակած են հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներ՝ Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆեր (ԱՄՆ) եւ Իկոր Խովաեւ (Ռուսաստան), Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի 76-րդ նստաշրջանի շրջածիրին մէջ, առանձին հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի եւ Ազէրպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։ Տեղի ունեցաւ նաեւ Արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ միացեալ տեսակցութիւն։
Համանախագահները կ՚ողջունեն 2020 Նոյեմբերէն ի վեր այս մակարդակով առաջին հանդիպումը՝ իբրեւ երկու երկիրներու վճռականութեան դրսեւորում՝ վերսկսելու խաղաղ գործընթացը ուղղակի երկխօսութեան միջոցով, որ ուղղուած է տարածաշրջանի անվտանգութեան, կայունութեան և բարգաւաճման։
Միջնորդները կը վերահաստատեն կողմերու հետ աշխատելու իրենց կամքը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչուող և անկէ բխող բոլոր մնացեալ հարցերու համապարփակ լուծման համար»։