Նորվեկիա պաշտօնական այցի շրջանակին մէջ, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Փետրուար 7-ին հանդիպում ունեցած է Եւրոպայի խորհուրդի նախկին ընդհանուր քարտուղար, Նորվեկիոյ նախկին վարչապետ Թորպէօրն Եաքլանտի հետ։
Միրզոյեան վերջինս պարգեւատրած է Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ շքանշանով։
Շքանշանի տուչութեան արարողութեան ընթացքին նախկին վարչապետը իր ելոյթին պատմած է, թէ ինչո՞ւ այդքան կապուած է հայութեան եւ Հայաստանին։
“Մեծ պատիւ ու մեծ հաճոյք է այս շքանշանը ստանալը։ Կ՚ուզէի գեղեցիկ պատմութիւն մը պատմել։ Առաջին անգամ ես ծանօթացայ հայուն եւ Հայաստանին, երբ Արտաքին գործոց նախարար էի, այցելած էի Ռամալլահ՝ Ռամատանի վերջին օրը։ Եասեր Արաֆաթ սովորութիւն ունէր Ռամատանի վերջին օրը ճաշի հրաւիրել տարածաշրջանի, Երուսաղէմի բոլոր կրօնական առաջնորդները։ Ես ալ տեղւոյն վրայ գտնուելով հրաւիրուած էի։
Սեղանին շուրջ իմ աջ կողմը տարեց մարդ մը նստած էր։ Չէի կարծեր թէ գիտէր ո՛վ ըլլալս, բայց երբ իմացաւ որ Նորվեկիոյ Արտաքին գործոց նախարարն էի գրպանէն հանեց փաստաթուղթ մը եւ ըսաւ. «Այս փաստաթուղթը իմ ամբողջ կեանքի մէջ հետեւած է ինծի, ան փրկած է իմ կեանքը»։ Այդ փաստաթուղթը Նանսենի անցագիրն էր…։
Ահաւասիկ պատճառներէն մէկը որ այդքա՜ն կապուեցայ հայութեան ու Հայաստանին”,– ի միջի այլոց ըսած է ան։
***
Նշենք, թէ Նանսէնի փաստաթուղթը ներկայացուցած անձը, ինչպէս կարելի է ենթադրել, հայ մըն էր։ Իսկ Նանսէն, որ նորվեկիացի մըն էր, Ազգերու ընկերութեան (նախկին ՄԱԿ) մէջ պաշտօնավարած տարիներուն՝ իր հաստատած «Անհայրենիքներու անցագիր»-ով, որ կոչուած է «Նանսէնի անցագիր, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հարիւրհազարաւոր հայերու «ինքնութիւն ապահոված է», օտար ափերու վրայ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։