Փետրուար 4-5, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ 5-րդ ամէնամեայ Միջազգային կրօնական ազատութեան համաժողովը, իսկ Փետրուար 6-ին՝ Ազգային աղօթքի նախաճաշը։
Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ յիշեալ ժողովին եւ Ազգային աղօթքի նախաճաշին Հայ առաքելական եկեղեցին կը ներկայացնէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան: Ձեռնարկին ուղերձով հանդէս եկաւ ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, ինչպէս նաեւ բանախօսութիւններ ներկայացուցին քաղաքական, կրօնական գործիչներ, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ եւ փորձագէտներ։
Նոյն օրերուն կայացած Միջազգային կրօնական ազատութեան համաժողովը կը համախմբէր ԱՄՆ-ու գոնկրէսականներ, տարբեր երկիրներէ ժամանած բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, հոգեւոր առաջնորդներ, իրաւապաշտպաններ` քննարկելու կրօնական ազատութեան, մարդկային իրաւանց հիմնախնդիրներն ու մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման ուղիները:
Համաժողովի նիստերուն կը մասնակցէր նաեւ Գերաշնորհ Տ․ Վիգէն արքեպիսկոպոս Այքազեան (ԱՄՆ-ու Հայոց Արեւելեան թեմ)։
Հայր Գարեգին մասնակցեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ու Գոնկրէսի՝ համաժողովի շրջանակին մէջ կազմակերպուած նիստին` ընդգծելով Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան, բռնի տեղահանուած արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու ազատ արձակման հրամայականը:
ԱՄՆ-ու գոնկրէսականներու հետ առանձին հանդիպումներուն Հայր սուրբը ներկայացուց մանրամասն զեկոյցներ, որոնք պատրաստուած էին Ամերիկայի Հայ իրաւաբաններու ընկերակցութեան հետ միասնաբար։ Զեկոյցներուն մէջ փաստագրուած էին Ազերպայճանի կողմէ մարդկային իրաւանց շարունակուող խախտումները եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, որոնք պաշտօնապէս ներկայացուեցան ԱՄՆ-ու օրէնսդիրներուն՝ հարցին զանոնք իրազեկ դարձնելու եւ գործուն քայլերու ձեռնարկելու նպատակով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։