ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ – 2026-ին Թումոյի կեդրոն պիտի բացուի Ուրուկուայի մէջ

Յունուար 13-ին, Ուրուկուայի հարաւարեւելքը գտնուող Փունթա տել Էսթէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Punta Tech Meetup 25 նորարարութեան բնագաւառի հեղինակաւոր ձեռնարկին բանախօսած է Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի միջազգային տնօրէն Քրիս Շահինեան՝ ներկայացնելով Կեդրոնի ստեղծման պատմութիւնը, գործունէութիւնն ու միջազգային տարածումը: Վերջինս տեղեկացուցած է, թէ 2026-ին Թումօ կեդրոն պիտի բացուի նաեւ Ուրուկուայի մէջ:

Աչուկարի ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած Punta Tech Meetup 25 ձեռնարկին այս տարի մասնակցած են արհեստագիտական բնագաւառի շուրջ 2.000 գործարարներ, ներդրողներ ու ձեռնարկատէրեր՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէն: