Փետրուար 2-ին, Փրակայի «Sacre Coeur» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է «Յաւերժական յոյս» փառատօնի բացման համերգը, Հայաստանի դեսպան Աշոտ Յովակիմեանի պատուոյ հովանաւորութեամբ։
Չեխիոյ մայրաքաղաքի սենեկային նուագախումբի մենակատարներուն կատարողութեամբ (ղեկավար՝ Ռատեք Պապորաք) հնչած է երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանի ««Requiem»-ը, զոր կազմակերպիչները նուիրած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Համերգը մեծ գնահատանքի արժանացած է ունկնդիրներուն կողմէ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։