Լուսանկարը՝ Պերճ Արապեանի
Յունուար 19-ին, Հրանդ Տինքի սպանութեան վայրին մէջ, Սեպաթ շէնքին առջեւ, ուր 18 տարի առաջ կը գտնուէր «Ակօս» թերթի խմբագրատունը, հազարաւոր քաղաքացիներու մասնակցութեամբ ոգեկոչուեցաւ անմահ հայորդիին յիշատակը:
Ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին, Թիւլին Էօզէն կարդաց Չիղտէմ Մաթերի նամակը,– որ 2022-ի Ապրիլէն ի վեր բանտարկուած է Կեզիի դատավարութեան ծիրէն ներս,– Պաքըրգիւղի բանտէն: Իր նամակին մէջ Չիղտէմ Մաթեր կը գրէր. «Այսօր վստահ եմ, որ Սեպաթ շէնքին առջեւ կան մարդիկ, որոնք տակաւին չէին ծնած, երբ Հրանդը սպանուեցաւ։ Սերունդները կը փոխուին, սակայն “ո՞ւր ենք” հարցումին պատասխանը իր ուժը կ՚առնէ յամառօրէն հո՛ս ըլլալէն։ Մենք տակաւին հո՛ս ենք՝ յամառօրէն»։
Էրարսլան Սաղլամ կարդաց Օսման Քաւալայի ուղերձը, որ ապօրինաբար բանտարկուած է 2017-ի Նոյեմբերէն ի վեր: Քաւալա կ՚ըսէ. «Հակառակ սպանութիւններուն, ջարդերուն եւ բռնութեան բոլոր ձեւերուն, կը շարունակեմ յուսալ, որ պիտի տեսնենք այն օրը, երբ խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը պիտի յաղթանակեն։ Արդարութիւն կը պահանջեմ Հրանդի եւ մեր բոլոր քաղաքացիներուն համար»։
Թագուհի Թովմասեան. կողքին՝ Ռաքէլ Տինք
Այս տարուան գլխաւոր բանախօսն էր հայ գրականութեան եւ մշակոյթի նշանաւոր դէմքերէն Թագուհի Թովմասեան։ Ան յատկապէս նշեց. «Ի՞նչ էր անոր “յանցանքը”։ Ակնյայտ էր անոր մարդոց հանդէպ սէրը, ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց նկատմամբ կիրքը, խօսքի ազատութեան հանդէպ ունեցած ամուր հաւատքը, եւ այս բոլորին վրայ՝ երկու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան ջատագով մը ըլլալով՝ Թուրքիա-Հայաստան [փակ] սահմանի բացման կոչ ընելը… Եւ այս ամէնէն վեր, ան ունէր Աստուածատուր շնորհք մը՝ ուրիշները համոզելու կարողութիւն, որ ոմանք խորապէս կը վախցնէր»։
Ներկաները՝ «Յիշողութիւն», «Կեանք», «Ճշմարտութիւն», «Արդարութիւն» վերտառութեամբ հայերէն, թրքերէն, քրտերէն պաստառներ պարզած են եւ վանկարկած՝ «Այստեղ ենք Ախպարիկ», իսկ բարձրախօսով սփռուած են Հրանդ Տինքի ելոյթէն հատուածներ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։