Վահան Տէրեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած ծաղիկներ՝ բանաստեղծի շիրիմին

Փետրուար 9-ին, նշանաւոր հայ բանաստեղծ, քնարերգակ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վահան Տէրեանի 140-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւն մը տեղի ունեցած է բանաստեղծի շիրիմին առջեւ՝ «Կոմիտաս» զբօսայգիի պանթէոնին մէջ։

Ներկայ եղած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Մելիտոնեան, Սփիւռքի գործոց յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, Տէրեան ընտանիքի անդամներ, մտաւորականներ, գիտնականներ, որոնք ծաղիկներ զետեղած են անոր շիրիմին ու խնկարկած, յարգելով քնարերգակին յիշատակը։

Երեւանի դպրոցներէն մէկուն աշակերտներն ալ ասմունքած են Տէրեանի բանաստեղծութիւնները։

Այնուհետեւ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած է «Տէրեանի հետ» խորագրեալ ոգեկոչման ձեռնարկը։