Վարչապետը այցելած է Չարենցի տուն-թանգարան եւ Անահիտ Չարենցը պարգեւատրած է Երախտագիտութեան շքանշանով

Մարտ 13-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Աննա Յակոբեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Վահրամ Դումանեանի ուղեկցութեամբ, հայ մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125-ամեակին առթիւ այցելած են բանաստեղծին տուն-թանգարանը:

Թանգարանի տնօրէնուհի Ժաննա Մանուկեան վարչապետին ներկայացուցած է Չարենցի կեանքի, գրական-մշակութային, հասարակական գործունէութեան մասին պատմող ցուցանմուշները:

Փաշինեան՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ ներդրած աւանդին եւ երկարամեայ անխոնջ գործունէութեան համար Երախտագիտութեան շքանշանով պարգեւատրած է Եղիշէ Չարենցի դուստրը՝ Անահիտ Չարենցը։