Վարչապետ Փաշինեան Ֆրանսա ժամանած է

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով (Փետրուար 10–11) ժամանած է Ֆրանսա։ Ան կը մասնակցի Արհեստական բանականութեան նիւթին նուիրուած համաժողովին:

Վարչապետը հանդիպում կ՚ունենայ նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի հետ։