ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ՌԵՆՍԻ – Դեսպան Արման Խաչատրեան հանդիպում ունեցած է Ռենսիի քաղաքապետ Ժան-Միշէլ Ժընեսթիէի հետ եւ այցելած՝ «Դպրոցասէր» վարժարանը

Մարտ 10-ին, Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան հանդիպում ունեցած է Ռենսիի քաղաքապետ Ժան-Միշէլ Ժընեսթիէի հետ։

Հանդիպումին դեսպանը ընդգծած է Ֆրանսայի ամէնէն հին հայկական կրթական հաստատութեան՝ «Դպրոցասէր»-ի կարեւոր դերակատարութիւնը հայոց լեզուի եւ հայապահպանութեան կալուածին մէջ։

Ան յիշատակած է, թէ «Դպրոցասէր»-ը, հիմնուած ըլլալով Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 1879-ին, Ֆրանսա փոխադրուած է շուրջ 100 տարի առաջ՝ ֆրանսական իշխանութիւններու հոգածութեամբ։ Խաչատրեան շեշտած է, թէ «Դպրոցասէր»-ի՝ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած մանկավարժներն ու աշակերտները ֆրանսական հիւրընկալ հողին վրայ կարելիութիւն ունեցած են պահպանելու իրենց կրթական լաւագոյն աւանդութիւնները եւ մինչեւ այսօր կ’ապահովեն ֆրանսական հանրակրթական չափանիշերուն համապատասխան բարձրորակ կրթութիւն։ Այս համածիրին մէջ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի իշխանութիւններուն՝ «Դպրոցասէր»-ի գործունէութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար՝ շեշտելով օժանդակութեան շարունակականութեան կարեւորութիւնը։

Քաղաքապետին հետ առանձին հանդիպումէն ետք, Հայաստանի դեսպանը եւ Ռենսիի քաղաքապետը այցելած են «Դպրոցասէր» վարժարանը, ուր հանդիպում ունեցած են դպրոցի տնօրէն Հայկ Սարգիսեանի, «Դպրոցասէր»-ի Տիկնանց եւ բարեկամներու միութեան նախագահ Աղաւնի Սարիքայայի, ուսուցչական անձնակազմին եւ աշակերտներուն հետ։

Դեսպանը այցելած է նաեւ 1926–1931 «Դպրոցասէր»-ի մէջ ուսանած Ֆրանսայի դիմադրութեան շարժումի հերոս Միսաք Մանուշեանի կնոջ՝ Մելինէ Մանուշեանի յուշատախտակը, որուն բացումը տեղի ունեցած էր 2024-ին, Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի աճիւններուն Ֆրանսայի Պանթէոն փոխադրութեան առիթով։