ՓԱՐԻԶ – Հայաստանի դեսպանին հանդիպումը Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան քարտուղարին հետ

Յունուար 24-ին, Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Անն-Մարի Տեքոթի հետ։

Կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ գործընկերութեան ու երկու ժողովուրդները միաւորող բարեկամական կապերու ամրապնդման առնչուող հարցեր։ Անոնք անդրադարձած են Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգային խնդիրներուն եւ տարածաշրջանային հարցերուն։