ՓԱՐԻԶ – Հայաստան առաջին անգամ կը մասնակցի «Wine Paris» գինիներու միջազգային ամէնամեայ ցուցահանդէսին

2025 Փետրուար 10-12 տեղի կ՚ունենայ «Wine Paris» գինիներու միջազգային ամէնամեայ 6-րդ ցուցահանդէսը։ Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամի աջակցութեամբ առաջին անգամ կը մասնակցին նաեւ Հայաստանէն 21 գինեգործական ընկերութիւններ։

Փարիզի նշանաւոր Paris Expo Porte de Versailles ցուցահանդէսներու կեդրոնէն ներս հայկական ընկերութիւնները կը ներկայացուին 4B183 սրահը գտնուող մէկ միասնական տաղաւարով։

Հայկական տաղաւարի այցելուները առիթ կ՚ունենան ծանօթանալու Հայաստանի գինեգործական բազմադարեայ աւանդութիւններուն եւ համտեսելու հայկական եզակի գինիները։

Հայկական ընկերութիւններու ցանկին կրնաք ծանօթանալ այցելելով ցուցահանդէսի պաշտօնական էջը՝ https://shorturl.at/epPsx յղումով։