Շաբաթ, Փետրուար 8-ի առաւօտեան, Մարսիլիոյ հիւիսիային արուարձաններէն Լէն-Փէն-Միրապոյի մէջ կատարուած է հանդիսաւոր բացումը Միսաք եւ Միլինէ Մանուշեանի յիշատակը յաւերժացնող կոթողին։
Քաղաքի գրադարանի՝ Իտէթեքի բակին մէջ տեղադրուած յուշարձանին բացումը կատարած է Լէ-Փէն-Միրապոյի քաղաքապետը Միշէլ Ամիէլ, ներկայութեամբ՝ Ծերակոյտի՝ Մշակոյթի, կրթութեան, հաղորդակցութեան եւ մարզանքի յանձնախումբի փոխնախագահ Ժերեմի Պաչիի, Ֆրանսայի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի եւ Մելինէ Մանուշեանի քրոջ թոռան՝ Քաթիա Կիրակոսեանի։
Յովհաննէս Գէորգեան կ՚արտասանէ իր խօսքը
Մեծարանքի այս արարողութիւնը տեղի կ՚ունենար Ֆրանսայի ազատագրման ի խնդիր պայքար մղած,– Միսաքի պարագային՝ կեանքի գինով վճարուած պայքար,– Մանուշեան ամոլին Պանթէոն մուտք գործելու առաջին տարեդարձին նախօրեակին։
Յուշակոթողին վրայ քանդակուած արձանագրութեան մէջ, ի միջի այլոց, կարելի է կարդալ. «Վստահ եմ, որ ֆրանսացի ժողովուրդը եւ ազատութեան ի խնդիր պայքարած բոլոր մարտիկները մեր յիշատակը պիտի մեծարեն արժանապատուօրէն։ – Միսաք Մանուշեան»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։