Ֆրանսացի եւրոպական երեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի կոչ կ՚ուղղէ ԵՄ-ի աւելի մեծ աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին:
“Ցաւալիօրէն, երկար ժամանակ է Եւրոպական յանձնաժողովը անհրաժեշտ վճռականութեամբ չի հակազդեր Ազերպայճանի վարքագծին”,– յայտարարած է եւրոերեսփոխանը, պատասխանելով Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան նկատմամբ Պաքուի յարձակողական յայտարարութիւններուն մասին «Արմէնփրէս»-ի Պրիւսէլի թղթակցի հարցումին:
“Բայց Եւրոպական խորհրդարանը, ընդհակառակն, շատ յստակ ու վճռական եղաւ, ինչպէս՝ COP29-էն քանի մը շաբաթ առաջ ընդունելով մեծամասնութեան կողմէ հաստատուած բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէր այդ սպառնալիքները: Մենք կը պահանջենք արագ եւ յստակ քայլեր, յատկապէս՝ ազերպայճանական դիւանագիտութեան նկատմամբ”, – աւելցուցած է Պելամի: Ան յիշեցուցած է ծանօթ անընդունելի դէպքը, երբ Պրիւսէլի մէջ Ազերպայճանի դեսպանը սպառնացած էր եւրոպական երեսփոխաններուն, որոնք կ՚երթային սահման՝ դիտարկելու հսկողական առաքելութիւնը:
“Արդեօք Ազերպայճանի եւ յա՛տկապէս պարոն Ալիեւի հռետորաբանութիւնը այսօր պարզ չէ՞: Ի դէպ, սա մեզ չի վախցներ: Մեզի համար հիմնական նպատակը այն է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը վերջապէս գործէ: Եւ թերեւս Յանձնաժողովի կրաւորական դիրքի հիմնական պատճառը Պաքուի վարչակազմին հետ ստորագրուած կազի գայթակղալից համաձայնագրի ջնջումէն խուսափիլն է”,– յայտարարած է եւրոերեսփոխանը՝ ընդգծելով, որ աւելի շատ Ազերպայճան կախեալ է ԵՄ-էն, քան՝ հակառակը:
Հայաստանին աջակցելու կոչ ընելով, ան ըսած է. “Ես կը կարծեմ, որ Հայաստան այսօր յարձակման կ՚ենթարկուի, որովհետեւ ան ընտրած է ժողովրդավարութեան ճամբան եւ կապուած է ԵՄ-ին՝ իր ընդհանուր քաղաքակրթական ժառանգութեամբ: Խօսքը ԵՄ-ի ոչ միայն վստահելիութեան, այլ նաեւ անոր անվտանգութեան մասին է”:
“Ես կը կարծեմ, որ այսօր մեր պարտականութիւնը, ԵՄ-ի պարտականութիւնը պէտք չէ ըլլայ համաձայնագիր կնքելը Ալիեւի վարչակարգին հետ, այլ աշխատիլն է այնպիսի ուղղութեամբ, որ այս վարչակարգը,– որ բացայայտ կերպով կը խախտէ հիմնական իրաւունքները իր տարածքին մէջ եւ անկէ դուրս,– թուլանայ, մեկուսանայ եւ ի վերջոյ՝ տապալի”, – յայտարարած է եւրոպական երեսփոխանը:
Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի նաեւ գնահատած է հայ ժողովուրդին քաջութիւնը՝ ԵՄ-ի անդամակցութեան ուղղուած ստորագրահաւաքին ձեռնարկելուն համար:
Ան յայտարարած է, որ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութիւնը պէտք է շարունակէ իր գործունեութիւնը: “Բացի ատկէ, անհրաժեշտ է աւելցնել աջակցութիւնը Խաղաղութեան օժանդակութեան եւրոպական Հիմնադրամին միջոցով, յատկապէս՝ զէնքեր, սարքաւորումներ, փոխադրական միջոցներ եւ պաշտպանական սարքեր տրամադրելով հայկական բանակին: Սա պիտի ամրապնդէ երկրին անվտանգութիւնը եւ արտայայտէ Եւրոպայի աշխարհաքաղաքական կարեւոր ընտրութիւնը”, – ըսած է ան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։