Freedom House կ՚ողջունէ Հայաստանի մէջ «ծանր վիրաւորանքի» ապաքրէականացումը

Capture d’écran 2022-07-08 à 09.12.42

 

Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կ՚ողջունէ Հայաստանի մէջ «ծանր վիրաւորանքի» ապաքրէականացումը և լրասփիւռներու օրէնսդրութեան շուրջ լայն շրջանակներու հետ խորհրդակցութիւններ ունենալու կառավարութեան յանձնառութիւնը:

Freedom House նաեւ կը յորդորէ Հայաստանի վարչապետին՝ լրջօրէն վերաբերիլ լրասփիւռներու մտահոգութիւններուն եւ օգտագործել ուղղակի հաղորդակցութեան ուղիները, ներառեալ բաց եւ թափանցիկ մամլոյ ասուլիսները՝ առողջ ու գործուն ժողովրդավարութիւն ապահովելու նպատակով: