Գերիներու, պատանդներու եւ անհետացածներու հարցերով զբաղող Հայաստանի եւ Ազերպայճանի յանձնախումբերու հանդիպումը՝ սահմանին

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան համաձայն՝ 2025  Փետրուար 7-ին, Հայ-զերպայճանական սահմանին տեղի ունեցած է հանդիպում մը՝ գերիներու, պատանդներու եւ անհետացածներու հարցերով զբաղող Հայաստանի եւ Ազերպայճանի յանձնախումբերուն միջեւ։

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ կողմերը կարծիքներ փոխանակած են յատկապէս անհետացածներու ճակատագրին առնչութեամբ եւ փոխադարձ համաձայնութեամբ որոշած են շարունակել քննարկումները։

Նշենք, թէ Ազերպայճանի Մարդկային իրաւանց պաշտպանը նախորդ օրը Հայաստանի իշխանութիւններէն պահանջած էր տեղեկութիւններ տրամադրել աւելի քան երեք տասնամեակ առաջ Արցախեան պատերազմի ընթացքին անհետացած ազերպայճանցիներու ճակատագրերուն մասին։