Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փետրուար 13–16 աշխատանքային այցելութեամբ ժամանած է Միւնիխ՝ մասնակցելու Ապահովութեան միջազգային համագումարին։
Արդէն 60 տարի է, որ տասնեակ երկիրներու առաջնորդներ, քաղաքական գործիչներ ու փորձագէտներ կը համախմբուին՝ քննարկելու աշխարհի անվտանգութեան սպառնացող հարցերը։
Փետրուար 14-ին, համագումարի ծիրին մէջ Փաշինեան մասնակցած է Հայաստանի կիրառական քաղաքականութեան հետազօտական հիմնարկի (ԱՊՐԻ Արմենիա) եւ Observer Research Foundation-ի միասնաբար կազմակերպած «Սակաւակողմանիութիւնը (սահմանափակ թիւով գործընկերներով – minilatéralisme) եւ անցումը համաշխարհային դաշինքներէն թիրախային գործընկերութիւններու» խորագրով նախաճաշ-կլոր սեղանին:
Քննարկուած են ժամանակակից աշխարհի մէջ ապահովութեան միջավայրի փոփոխութիւնները, մեծ պաշտօնական դաշինքներու արդիւնաւէտութիւնը եւ փոքր ձեւաչափերով համագործակցութեան դերը:
Իր խօսքին մէջ վարչապետը ներկայացուցած է Հայաստանի հետեւողական քաղաքականութիւնը՝ ուղղուած հաւասարակշռուած եւ հաւասարակշռող արտաքին քաղաքականութեան ամրապնդման: Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման եւ կայուն զարգացման համար յատուկ նշանակութիւն ունի ճկուն, բայց միաժամանակ կանխատեսելի եւ վստահելի գործընկերութիւններու հաստատումը:
Վարչապետը այնուհետեւ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Գոսթայի հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն (ԵՄ)’ համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Փաշինեան ընդգծած է ԵՄ-ի հետ բազմակողմանի կապերու ընդլայնումն ու զարգացումը՝ տարբեր մարզերու մէջ կարողութիւնները զարգացնելու նպատակով:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահը ողջունած է Հայաստանի կառավարութեան քայլերը՝ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ հաստատութենական բարեփոխումներու ուղղութեամբ, աւելցնելով ԵՄ-ի յանձնառութիւնը՝ ամրապնդելու ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած գործընկերութիւնը եւ խորացնելու համագործակցութիւնը բոլոր բնագաւառներու մէջ:
***
Նոյն օրը աւելի ուշ Փաշինեան ներկայ գտնուած է համաժողովի բացման արարողութեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։