Փետրուար 8-ին, վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ կազմուած է Լիբանանի նոր կառավարութիւնը։ 24 նախարարներէ կազմուած կառավարութեան մէջ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան նշանակուած է Մարզանքի եւ երիտասարդութեան նախարար։ Ան ՀՅԴ-ի թեկնածուն էր։
Նշենք, թէ դոկտ. Պայրագտարեան անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեդրոնական վարչութեան քաղաքական ժողովին եւ քաղաքական գիտութեան դասախօս՝ Պէյրութի Ամերիկեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան Պետական համալսարաններուն մէջ:
Ան 2024-էն ի վեր կը վարէ նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբի փոխատենապետի պաշտօնը։
Նոյն օրը, նորանշանակ նախարարուհին այցելած է Անթիլիասի մայրավանք եւ հանդիպում ունեցած Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ։ Ան իբրեւ նախարար, իր առաջին այցելութիւնը տուաւ Վեհափառ հայրապետին՝ ստանալու համար անոր հայրական օրհնութիւնը՝ իրեն վստահուած գործունէութեան սկսելէ առաջ։
Արամ Ա. իր ուրախութիւնը յայտնած ու ջերմօրէն շնորհաւորած է նախարարը եւ յաջող ու արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթած անոր։ Հայրապետը միաժամանակ վստահութիւն յայտնած է, որ ինչպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ միջ-եկեղեցական շարժումին, նոյնպէս կառավարութեան աշխատանքներուն ան պիտի բերէ իր կարեւոր ներդրումը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։