Փետրուար 14-ին, Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելհիի՝ Հայաստանի դեսպանութեան երդիքին տակ կազմակերպուած է «Հայաստանի արուեստն ու հոգին» խորագրեալ ձեռնարկը, որուն մասնակցած են Կիներու միջազգային կազմակերպութեան (WIC) անդամները: Շարք մը երկիրներու դեսպաններու եւ դիւանագէտներու կիներուն, ինչպէս նաեւ Հնդկաստան բնակող օտարներուն եւ տեղացիներուն ներկայացուած են Հայաստանի մասին պատմող նիւթեր:
Ձեռնարկը ներառած է նաեւ հայկական ձեռային աշխատանքներու, յատկապէս՝ տիկնիկագործութեան եւ կարպետագործութեան վարպետաց դաս՝ նոյն օրերուն Հնդկաստան գտնուող «Յովհաննէս Շարամբէեան ժողովրդական արուեստներու թանգարան»-ի վարպետներուն կողմէ:
Աւարտին տեղի ունեցած հիւրասիրութեան ընթացքին մատուցուած են նաեւ հայկական ուտեստներ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։