ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ – Սուրէն Պապիկեան մասնակցած է «Aero India» ցուցահանդէսի բացման արարողութեան

Հնդկաստան կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս, Փետրուար 10-ին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Հնդկաստանի օդուժի «Ելահանքա» խարիսխին մէջ մասնակցած է «Aero India» ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։

Այնուհետեւ նախարարը ծանօթացած է ցուցահանդէսի տաղաւարներուն ներկայացուած ցուցանմուշներուն։