Ազերպայճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը յղում ընելով իր երկրի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած լուրին կը հաղորդէ, թէ Պաքու Երեւանէն փոխհատուցում կը պահանջէ «իր բնակավայրերու եւ բնութեան զանգուածային ոչնչացման համար»։
«Ան (ոչնչացումը) կը վերաբերի Հայաստանի կողմէ ազերպայճանական տարածքներու բռնագրաւման ընթացքին վայրի բնութեան հարիւրաւոր տեսակներու եւ անոնց ապրելու վայրերուն վրայ բացասական ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ լայնածաւալ անտառահատումներուն, ծառահատումներուն, հանքարդիւնաբերութեան ու ջրելեկտրակայաններու կառուցման»,– կը նշէ լրատու աղբիւրը, աւելցնելով, թէ 2025 Փետրուար 12-ին, Լա Հէյի մնայուն ատեանի կեդրոնատեղիին մէջ 1979-ին «վայրի կենդանական եւ բուսական աշխարհի եւ անոնց միջավայրի պահպանութեան մասին» համաձայնագրի (“Պեռնի համաձայնագիր”) հիման վրայ ազերպայճանական կողմը բողոք ներկայացուցած է Հայաստանի դէմ։ Բողոքին մէջ մանրամասն ներկայացուած են Հայաստանի կողմէ “Պեռնի համաձայնագրի” իրաւաբանական պարտաւորութիւններու բազմաթիւ խախտումներ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։