Ռուբէն Վարդանեան աւելի քան երեք շաբաթ է որ հացադուլի մէջ է։ Բանտէն յղած իր ուղերձը, ընտանիքին միջոցաւ հանրայնացած, միջազգային արդարադատութեան պահանջ է. «Իմ բոլոր հայրենակիցներուն, սիրելի ու հարազատ մարդոց կ՚ուզեմ ըսել հետեւեալը՝ կը դատեն ոչ թէ զիս ու միւս 15 հոգին, այլ բոլոր հայերը»։
Ուղերձը, որքան որ հայրենակիցներուն ուղղուած է, նոյնքան եւ աւելի՝ միջազգային հասարակութեան, որ ցարդ հասարակ դատապարտումներէ անդին չէ անցած, ոչ մէկ պատժական քայլի ձեռնարկած է։ Եւ ինչպէ՞ս կրնայ ձեռնարկել, երբ ազատ աշխարհի հզօրագոյն երկրի՝ ԱՄՆ-ու խորհրդարանը կը դատապարտէ Պատժական միջազգային ատեանի որոշումներն ու դատաւորները։
Պաքու շատ լաւ կը գիտակցի ռազմագերիներուն ազատ արձակման հարցին շուրջ հայ հասարակութեան զգայնութեան։ Ուղերձը ընտանիքին փոխանցելու արտօնութիւնը ինքնին կ՚ընդգծէ անոր իբրեւ խաղաթուղթ օգտագործումը Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը ալեկոծելու նպատակով, մինչ դատավարութիւնը տեղի կ՚ունենայ միջազգային դէտերու, փաստաբաններու, լրագրողներու բացակայութեան պայմաններու մէջ, մինչ նոյնիսկ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութենէն՝ ռազմագերիներուն այցելելու իրաւասու միակ կառոյցէն կը պահանջուի լքել երկիրը։ Ռազմագերիներու մեկուսացման ու հսկողութեան այս ծայրագոյն պայմաններուն մէջ, քաղաքական բովանդակութիւն ունեցող ուղերձի մը փոխանցումին թոյլտւութիւնը բնականաբար հարցադրումի առիթ կու տայ. ինչո՞ւ այս բարեացակամութիւնը։
Ռ. Վարդանեանի ուղերձը երկու առումով կը հետաքրքրէ Պաքուն. նախ, հացադուլի պատճառով Վարդանեանի արտաքնապէս հիւծած պատկերին տարածումը եւ երկրորդ՝ անձնաւորութեան անկախ ու հակոտնեայ տեսակէտները Հայաստանի իշխանութեան դիրքորոշումներուն նկատմամբ։ Ուղերձը իր մէջ կ՚ամփոփէ հայկական աշխարհի ազգային ու քաղաքական հակասութիւնները։
Յատկանշական է՝ հակառակ արդէն աւելի քան երեք շաբաթ է տեւող հացադուլին, Ռ. Վարդանեանի ազգային բարոյական ոգին բարձր է. «Ես զոհ չեմ, ինծի պէտք չէ խղճալ, քանի որ սա գիտակցուած որոշում է»։
Ի՞նչ գիտակցական որոշումի մասին է խօսքը։ Վարդանեան քաղաքական դէմք չէր, մինչեւ Արցախ հաստատուիլը եւ պետական նախարար նշանակուիլը Նոյեմբեր 2022-ին, որմէ ետք Դեկտեմբեր 12-ին Արցախի շրջափակումը սկսաւ, որ տեւեց 9 ամիս, մինչեւ Արցախի վրայ յարձակումն ու արցախցիներու ցեղային զտումն ու արտաքսումը իրենց պապենական հողէն։ Այն ժամանակ ան յայտարարած էր. «Ունինք մէկ ճանապարհ՝ ապրիլ, ստեղծել Արցախի մէջ եւ հաւատալ մեր յաջողութեան»։ Պատգամ մը որ ուղղակի կը հակասէր Հայաստանի իշխանութեան դիրքորոշումներուն, որ կը յորդորէր Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին բանակցութիւններ վարել ազերպայճանական իշխանութիւններուն հետ, Ազերպայճանի գերիշխանութեան ներքոյ՝ արցախցիներուն ներքին ինքնավարութեան կարգավիճակ մը ձեռք ձգելու նպատակով։ Դիրքորոշում մը որ չէր բաժներ Ռ. Վարդանեան եւ ռուս խաղաղապահ զօրքերու հովանաւորութեան ապաւինող Արցախի ղեկավարութիւնը։
Ռ. Վարդանեան, իր բազմածալք հետաքրքրութիւններով ու ազգանուէր գործունէութեամբ, յստակ քաղաքական տեսլականի տէր անձ էր։ Նախքան Արցախ մեկնիլը իր քաղաքական նկրտումները զգալի էին։ Հայաստանի մէջ նեցուկ հանդիսացած է՝ «Ապրելու երկիր» քաղաքական կուսակցութեան հիմնադրութեան, որուն գլխաւոր նախագահն է Մանէ Թանդիլեան, սակայն Արցախ հաստատուելով ինքնավստահ կերպով ուզեց իրականացնել իր քաղա-քական տեսլականը։ Դարձաւ ընդդիմադիր, քննադատեց 2020-ի պատերազմէն ետք Հայաստանի իշխանութիւններու վարած «ռէալփոլիթիք»-ի քաղաքականութիւնը։ Կոչեր յղեց Արցախէն՝ պայքարելու, զէնքով ու արիւնով պաշտպանելու Արցախի ինքնիշխանութիւնը։
Ռուբէն Վարդանեան այլ որակի ընդդիմադիր էր, Սերժ Սարգսեանի կամ Ռոբերտ Քոչարեանի նման չէր թաթախուած երկրի թալանի ու կաշառակերութեան մէջ։ Մարդասիրական, կրթական, ընկերային, գիտական, տնտեսական մեկենասութիւններով ու գործունէութեամբ, բարոյական դրամագլուխ մը կուտակած է, որակներ որոնք չունին Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները։ Թէեւ Արցախեան իր քաղաքական նախաձեռնութիւնը ձախող էր, սակայն, իր բարոյական արժանիքներով Հայաստանի մէջ կրնայ արժանավայել ընդդիմադիր ճակատ մը կազմել, եթէ յաջողի փրկուիլ Պաքուի ճիրաններէն։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։