Փետրուար 10-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Քննարկուեցան Հայաստանի առկայ մարտահրաւէրները, անոնց յաղթահարման ուղղուած կառավարութեան կողմէ իրականացուող քայլերը, «Իրական Հայաստան»-ի ռազմավարութեան հիմնական ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները։
Փաշինեան իր խօսքին մէջ յատկապէս հետեւեալ գաղափարը արտայայտեց.
«Եկել եմ մի եզրակացութեան, որ Հայաստանի 3-րդ հանրապետութեան հիմնադրման առաջին օրից, մենք չենք նկատել, որ ՀՀ-ում կար ընդամէնը մէկ կուսակցութիւն, դա ՀՅԴ-ն էր, իրականում եղել է մէկ կուսակցութեան գաղափարախօսութիւն:
Եղել է ՀՀՇ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, եղել է Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, այսինքն՝ ՀՀ-ում, ըստ էութեան, գործող բոլոր կուսակցութիւնները գործել են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ներքոյ: ՀՀՇ-ին թուացել է, որ իրենք աւելի լաւ դաշնակցական են, քան՝ իսկական դաշնակցականները: ՔՊ-ին թուացել է, որ մենք աւելի լաւ դաշնակցական ենք, քան՝ իսկական դաշնակցականները:
ՀՀ-ն յենման կէտ է աւելի բարձր ազգային նպատակներին հասնելու համար, աւելի մեծ ազգային խնդիրներ լուծելու համար: Հայաստանի Հանրապետութիւնն այն հայրենիքն է, որը մենք ունենք եւ մենք չպէտք է այն օգտագործենք ուրիշ հայրենիքի համար:
Սա հէնց այն հայրենիքն է, որը մենք երազել ենք եւ որը մենք ունենք: Եթէ մենք ի վիճակի լինէինք մեր պատմութիւնից դասեր առնել, մենք գաղափարապէս դաշնակցական չէինք լինի:
Գոնէ հիմա մենք պէտք է մեր պատմութիւնից դասեր քաղենք: Մենք խնդիր պէտք է դնենք մեր տարածաշրջանում առանց արտաքին օգնութեան ապրելը հնարաւոր դարձնելու համար»:
***
Վարչապետը ներկայացուց Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ տարբեր բնագաւառներու համագործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները, անդրադարձաւ Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան հոլովոյթին եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն։
Վարչապետը պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։