Փետրուար 4-ին, Սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ տեղի ունեցած է երգահան Տիգրան Մանսուրեանի «Մեներգեր» ժողովածուի շնորհահանդէսը։ Գիրքը կ՚ընդգրկէ հեղինակին կողմէ 1966–2024 տարիներուն գրուած ստեղծագործութիւնները։
“Ես շատ ուրախ եմ որ կայ այս ժողովածուն։ Իբրև երաժիշտ, ինձ համարում եմ հայոց լեզուի զաւակը։ Հետեւաբար, թէ՛ այս գիրքը եւ թէ՛ հետագայ հատորները, որոնք յոյս ունեմ, որ լոյս կը տեսնեն, դրանք ամբողջութեամբ հայ բանաստեղծութիւն են, հայ արուեստ են…”,– իր ելոյթին ըսած է Մանսուրեան։
Շքեղ տպագրութեամբ մեծադիր հատորի կողքին պատկերը Մարտիրոս Սարեանի «Ծաղիկներ» գործն է, զոր Վարպետը նկարած է 1916-ին։ Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են ժամանակագրական կարգով։ Հայերէն բնագրերուն կից զետեղուած է անոնց լատինատառ հնչիւնային վերտառութիւնը։ Ժողովածուին մէջ տեղ գտած են Նահապետ Քուչակի, Բաղդասար Դպիրի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Վահան Տէրեանի, Եղիշէ Չարենցի, Համօ Սահեանի, Ռազմիկ Դաւոյեանի խօսքերով գրուած ստեղծագործութիւններու նօթագրութիւնը եւ բնագրերը՝ հայերէն եւ անգլերէն թարգմանութեամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։