ՓԱՐԻԶ – Նախագահ Մաքրոնի հանդիպումը վարչապետ Փաշինեանի հետ

Փետրուար 10-ին, Էլիզէի պալատին մէջ նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ Արհեստական բանականութեան նուիրուած վեհաժողովի ծիրէն ներս:

Ֆրանսայի նախագահը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի վարչապետին՝ սոյն վեհաժողովին մասնակցութեան համար, ինչ որ կը վկայէ նորարարութեան եւ նոր արհեստագիտութիւններու հարցերուն շուրջ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան տեսակէտներու համընկնումին մասին: Այս առումով, երկու ղեկավարներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ շարունակելու Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան ծրագրերու զարգացումը, յատկապէս՝ ուժանիւթի, պաշտպանութեան, տնտեսութեան եւ ենթակառոյցներու շինարարութեան բնագաւառներուն մէջ:

Կողմերը ապա քննարկեցին տարածաշրջանային իրավիճակը: Նախագահ Մաքրոն վերահաստատեց Ֆրանսայի ամբողջական աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ազերպայճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքին համապատասխան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հոլովոյթին: Ան նաեւ կրկին յայտնեց իր երկրի վճռակամութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանի ամբողջականութեան եւ տարածքային ինքնիշխանութեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի խաղաղութեան, ապահովութեան եւ ժողովրդավարութեան ձգտումներուն:

Անոնք անդրադարձան նաեւ կենսաբազմազանութեան COP17-ի նախապատրաստութեան, զոր Հայաստան պիտի հիւրընկալէ 2026-ին: Նախագահ Մաքրոն նշեց, թէ Ֆրանսա պատրաստ է անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին՝ նշեալ COP-ի նախապատրաստութեան աշխատանքներուն:

Հուսկ՝ կողմերը միտքեր փոխանակեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան հետագայ զարգացման հեռանկարներուն շուրջ։

Նշենք, թէ նոյն օրը վարչապետ Փաշինեան ներկայ գտնուեցաւ Էլիզէի պալատին մէջ նախագահ Մաքրոնի տուած պաշտօնական ընթրիքին։