14-ամեայ Տիգրան Համբարձումեան յաղթեց ճատրակի աշխարհի առաջատար Մակնիւս Քարլսընին
14-ամեայ Տիգրան Համբարձումեան պարտութեան մատնեց աշխարհի թիւ 1 ճատրակի վարպետ Մակնիւս Քարլսընը՝ Օգոստոս 18-ին կայացած «Titled Tuesday» առցանց մրցաշարքի ընթացքին արձանագրելով իր դեռատի ասպարէզի ամենամեծ յաղթանակներէն մէկը։
Հայաստանի Ճատրակի դաշնակցութիւնը յայտարարեց Համբարձումեանի յաղթանակը նորվեկիացի աստղին նկատմամբ, որ աւելի քան 16 տարիէ ի վեր կը գլխաւորէ աշխարհի դասաւորման ցանկը։
Համբարձումեան, որ ունի ՖԻՏԷ-ի վարպետի (FIDE Master) կոչում, աստիճանաբար իր անունը կը հաստատէ միջազգային պատանեկան ճատրակի աշխարհին մէջ։ Ան Միջազգային վարպետի (International Master) իր առաջին կոչումը նուաճեց 2025-ին Յունաստանի մէջ կայացած «Քավալա Օփըն»-ին՝ ինը խաղէն ապահովելով 5,5 կէտ, միաժամանակ աւելի քան 100 կէտով բարձրացնելով իր միջազգային վարկանիշը։ ՖԻՏԷ-ն անոր «ՖԻՏԷ-ի վարպետ»-ի կոչումը շնորհեց նոյն տարուան աւարտին։ Այդ ժամանակ 13-ամեայ պատանին ունէր 2351 վարկանիշ։
Անոր վերելքը շարունակուեցաւ 2025-ի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան, ուր ան գրաւեց երկրորդ դիրքը՝ մինչեւ 14 տարեկաններու դասակարգին մէջ։ Համբարձումեան ինը հանգրուաններէն ապահովեց 7,5 կէտ եւ կէտերով բաժնեկցեցաւ առաջին տեղը՝ ի վերջոյ արծաթէ մետալ նուաճելով հաւասարութեան խզման լրացուցիչ ցուցանիշերով: Նախորդ տարի ան նոյնպէս փոխախոյեան հանդիսացած էր Եւրոպայի մինչեւ 12 տարեկաններու մրցաշարքին մէջ։
Հայ պատանին կը մարզուի Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ՝ կրոսմայսթըր (մեծ վարպետ) Տիգրան Յարութիւնեանի ղեկավարութեամբ։
