Ֆրանքեւհայկական մշակութային նոր յուշագիր՝ գեղարուեստական գործակցութիւնը խորացնելու նպատակով

Ֆրանքեւհայկական մշակութային

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութիւնը համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրած է ֆրանսական «Սաթէ-Աթր» (Saté-Âtre) թատերական ընկերութեան հետ՝ երկու պետութիւններուն միջեւ գեղարուեստական գործակցութիւնը աւելի եւս խորացնելու նպատակով։

Յուշագիրը պաշտօնապէս վաւերացուած է նախարարի տեղակալ Տիգրան Վիրապեանի եւ «Սաթէ-Աթր»-ի տնօրէն Սաթենիկ (Սաթէ) Խաչատրեանի կողմէ։ Այս համաձայնագիրը հիմք կը ստեղծէ աշխուժօրէն տարածելու եւ խթանելու հայկական մշակոյթը Ֆրանսայի մէջ, իսկ ֆրանսականը՝ Հայաստանի մէջ՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով ժամանակակից պարարուեստին, թատերական արուեստին եւ թատերգրութեան։

Ստորագրութեան արարողութեան ընթացքին պաշտօնատարները անդրադարձած են նաեւ նախկին յաջող գործակցութիւններուն, որոնց շարքին յատկանշական է ֆրանքեւհայկական միացեալ «Նռան գոյնը» բեմադրութիւնը՝ նուիրուած հռչակաւոր շարժանկարիչ Սերգէյ Փարաճանովի ծննդեան հարիւրամեակին։