Վեհափառին եւ վեց եպիսկոպոսներուն դատը՝ Օգոստոս 28-ին
Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Սերժ Ռուշանեան ստանձնած է Վեհափառ Հայրապետին եւ վեց եպիսկոպոսներուն դատը։ Դատական գերատեսչութենէն հաղորդած են, որ դատական նիստի թուական ճշդուած է Օգոստոս 28, ժամը 16.30-ին։
Ինչպէս յայտնի է, Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցուած է՝ Արման Սարոյեանի գործով դատական վճիռը չկատարելու յատկանիշերով նախաձեռնուած քրէական հետապնդման շրջանակին մէջ։
Յիշեցնենք, որ Գարեգին Բ. կաթողիկոս, իրեն վերապահուած լիազօրութիւններու ծիրէն ներս եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի 2026 Յունուար 27-ի որոշումով, կարգալոյծ հռչակած էր Մասեացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը՝ հոգեւոր կարգերու եւ կանոնական պահանջներու խախտման պատճառով։
