Դաւիթ Բաբայեանի ուղերձը Պաքուի բանտէն
«Նստած ենք, բայց ծնրադիր չենք»
Պաքուի մէջ գերեվարուած Դաւիթ Բաբայեանի ընտանիքը «News.am»-ին յանձնած է ձայնագրութիւն մը, ուր ազերպայճանական բանտէն Բաբայեան կրկին ահազանգած է իրենց իրաւունքներու ոտնահարման մասին։ Ան նաեւ նշած է, որ Պաքուի մէջ բանտարկուած գերիները առողջական լուրջ խնդիրներ ունին։
Արցախի նախկին Արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ Վերաքննիչ դատարանը ի զօրու ձգած է առաջին ատեանի վճիռը, որով Բաբայեան դատապարտուած է ցմահ բանտարկութեան։ Ան վերաքննիչի նիստը որակած է «թատրոն, նախապէս գրուած բեմագրութիւն»։
Հայ գերիները կը բողոքեն առաջին ատեանի վճիռին դէմ, որպէսզի հետագային կարենան դիմել միջազգային ատեաններու։ Միայն Ռուբէն Վարդանեան հրաժարած է դիմելէ, սակայն, հակառակ ասոր, հայ գերիներու ներկայացուցիչ Սիրանոյշ Սահակեան արդէն իսկ Արցախի նախկին Պետական նախարար Վարդանեանի դատով գանգատ ներկայացուցած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան (ՄԻԵԱ)։
“Այս յաջորդական ձեւական հանգրուանը միջազգային դատարան դիմելու նպատակ կը հետապնդէ։ Իմ դատիս վրայ աւելցուցած են ցմահ բանտարկութիւն նախատեսող երկու յօդուած եւս, որոնք ամբողջ դատավարութեան ընթացքին չէին յիշատակուած։ Ասիկա նշմարեցի դատավարութեան աւարտէն ետք. հակիրճ գրութիւն մըն էր, ինչ որ անթոյլատրելի է։ Հոս գտնուող պաշտպաններէն մէկը յայտնեց, որ չեն ուզեր դատը միջազգային դատարան հասնի, քանի որ մեղադրանքներուն 90 տոկոսը շինծու է, եւ որեւէ ապացոյց չկայ”,– կը նշուի Բաբայեանի ձայնագրութեան մէջ։
Բաբայեան իր իսկ դատով կը փաստէ, որ մեղադրանքները շինծու են ու յօրինուած. “Մասնաւորապէս զիս ցմահ դատապարտած են յօդուածով մը, ըստ որուն ես կ՚ուզէի այս երկրին մէջ տապալել իշխանութիւնը, Սահմանադրութիւնը եւ բռնագրաւել իշխանութիւնը։ Կա՞յ արդեօք որեւէ փաստ, որ ես, հոս գտնուելով, մասնակցած եմ իշխանութեան համար մղուող պայքարի մը։ Եթէ այդպէս է, ես հոս պէտք էր համախոհներ ունենայի, սակայն որեւէ պատասխան չեն տար։ Ո՛չ հետաքննութեան, ո՛չ ալ առաջին ատեանի դատավարութեան ընթացքին ինծի հարց տուած են այս մասին։ Եւ այս պարագային զիս կ՚ուզեն ցմահ դատապարտել”,– կ՚ըսուի ազերպայճանական բանտէն ուղարկուած ձայնագրութեան մէջ։
Նախապէս, Ազերպայճանի իշխանութիւններուն կողմէ ընտանիքներուն հետ կազմակերպուող հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ղեկավարներէն մի քանին եւս՝ նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանն ու Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը նոյնպէս բարձրացուցած էին ազերպայճանական դատարանին մէջ իրենց իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն մասին։
Այս տարեսկիզբին 16 հայեր (միւս երեքին դատավճիռները աւելի կանուխ կայացած էին) դատապարտուած էին 20 տարիէն մինչեւ ցմահ բանտարկութեան՝ ռազմական ծանր յանցագործութիւններու մեղադրանքներով։ Մարդկային իրաւանց կոպիտ խախտումներով յայտնի Ազերպայճանի մէջ դատավարութիւնները կ՚ընթանան փակ դռներու ետին՝ միջազգային դէտերու եւ լրասփիւռներու բացակայութեամբ։
