«Զուտ նացիականութիւն եւ ցեղասպանութիւն»

Ռուսեր

Ձախէն աջ՝ Իվան Քնիազեւ, Սեմիոն Ուրալով եւ Ալեքսէյ Չատաեւ

Ազերպայճան միջազգային հետախուզում յայտարարած է Արցախի մասին ձայն բարձրացուցած ռուս գործիչներու նկատմամբ

Ազերպայճանի գլխաւոր դատախազութիւնը միջազգային հետախուզում յայտարարած է Ռուսաստանի երեք քաղաքացիներու նկատմամբ՝ Արցախի բռնագրաւման քննադատման եւ երկրի ղեկավարութեան հասցէին հնչեցուցած կոշտ յայտարարութիւններուն համար։

Հետախուզման տակ յայտնուած են «Մոսկուա 24» հեռատեսիլի կայանի լրագրող Իվան Քնիազեւը, Ռուսաստանի Փոխադրամիջոցներու նախարարի խորհրդական, քաղաքական արհեստագիտութեան մասնագէտ Ալեքսէյ Չատաեւն ու մամլոյ փորձագէտ Սեմիոն Ուրալովը։ Պաքուն այս գործիչները կը մեղադրէ «երկրի հողային ամբողջականութեան խաթարման, սահմանադրական կարգի տապալման եւ ազգամիջեան թշնամանքի հրահրման» յանցանքով։

Իրականութեան մէջ, ազերպայճանական կողմի զայրոյթը յառաջացած է Սեմիոն Ուրալովի հեղինակային՝ «Հասկացողութեան մաքրութիւն» եութիւպեան հաղորդաշարին ընթացքին հնչած վերլուծութիւններէն։ Յուլիս 14-ի հաղորդման ընթացքին, անդրադառնալով Շուշիի մէջ կայացած մամլոյ համաժողովին եւ Պաքուի կողմէ Ուքրաինայի իշխանութեան ցուցաբերուած աջակցութեան, Ալեքսէյ Չատաեւ բացայայտօրէն քննարկած է Ազերպայճանի պետականութեան ոչնչացման ու մասնատման բեմագրութիւնները։ Ան խօսած է երկրի հողերը երրորդ պետութիւններու յանձնելու եւ թալիշական ու լեզգիական գործօններու միջոցով անջատողականութիւն հրահրելու կարելիութիւններուն մասին, նոյնիսկ մինչեւ՝ ռազմական միջամտութեան կոչ ընելով։

Աւելի ուշ՝ Օգոստոս 13-ին հեռարձակուած հաղորդման ընթացքին, Սեմիոն Ուրալով Ազերպայճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւումը որակած է «զուտ նացիականութիւն» եւ «ցեղասպանութիւն»՝ շեշտելով, որ Պաքուն «հողը մաքրած է իր բնակիչներէն»։ Ան նաեւ յայտարարած է, որ Ռուսաստան, իբրեւ Խորհրդային Միութեան իրաւայաջորդ, իրաւունք ունի խորհրդային օրէնսդրութեամբ դատելու անկախ երկիրներու ղեկավարները. “Մինչեւ 1991 թուական ծնած ոեւէ անձ ենթակայ է Ռուսաստանի իրաւասութեան։ Նոյնիսկ եթէ դուք Պաքուէն էք, կամ Ազերպայճանի նախագահն էք, դուք Խորհրդային Միութեան քաղաքացի էք, ուստի մենք իրաւունք ունինք օրէնքով դատելու ձեզ”,– յայտարարած է ան։

Վերլուծաբանները կը նկատեն, որ Պաքուն չափազանց զգայուն է ցեղասպանութեան եւ ցեղային զտումներու վերաբերեալ որեւէ մեղադրանքի նկատմամբ, քաջ գիտակցելով, որ միջազգային հանրութիւնը Արցախի հարցի ռազմական «լուծումը» օրինական չէ ճանչցած։

Յատկանշական է նաեւ, որ ճիշդ այս քրէական գործի յարուցման օրը, ի պատասխան Պաքուի քայլերուն, Ռուսաստանի տարածքէն անմիջապէս արտաքսուած է Մոսկուայի ազերպայճանական համայնքի ղեկավար Պախթիար Հասանովը։