Համաշխարհային անկարգութիւն եւ առեւտուրի ու տիրապետութեան նոր ուղիներ
2000-ական թուականներու տնտեսական համաշխարհայնացումէն ետք, որ որոշ չափով միջազգային յարաբերութիւններու մէջ առերես կարգուկանոն կ՚ենթադրէր, ներկայիս՝ թուային հաղորդակցութեան միջոցներու տիրապետութեան պայմաններուն տակ, անօրէնութիւնն ու անարդարութիւնը դարձած են կանոն։ Թերեւս աշխարհի կարգը միշտ ալ այսպէս եղած է. մեծ պետութիւնները, իրենց կամքը պարտադրելով եւ ռազմավարական շահերը պաշտպանելու համար, դիմած են ամէն տեսակ անօրինական միջոցներու։ Յաճախ, օրինականութեան ու մարդկային իրաւունքներու յարգանքի արտաքին դիմակով քօղարկուած, անոնք որոգայթներ լարած են իրենց չենթարկուող վարչակարգերուն դէմ։ Սակայն այսօր անոնք այնքան ամբարտաւան դարձած են, որ այլեւս չեն ծածկեր իրենց խաղը՝ բացայայտօրէն ոտնակոխելով միջազգային իրաւունքը, մարդկային իրաւանց սկզբունքներն ու բնապահութիւնը։ Անոնք կը վարեն վնասաբեր միջազգային քաղաքականութիւն մը՝ անկայունացնելով իրենց անհնազանդ պետութիւնները։
Նախքան Պերլինի պատի փլուզումը, երկու մեծ գերտէրութիւններու՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ որոշ համաձայնութիւն մը կը տիրէր՝ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու երկիրները իրենց ազդեցութեան գօտիներուն մէջ բաժնելու առումով։ Սակայն ԱՄՆ-ու եւ ազատ աշխարհի յաղթանակով, փոխանակ կացութեան բարելաւման, Միացեալ Նահանգները դարձաւ միջազգային օրէնքը անարգող աւերիչ ռազմավարութեան առաջամարտիկը. Եուկոսլաւիան կազմալուծուեցաւ, «արաբական գարուն»-ները քանդեցին Իրաքը, Սուրիան եւ Լիպիան…։ Ուքրաինայի պարագան ալ կը մատնէ Ռուսաստանի կայսերապաշտական նկրտումները։ Հայկական կողմին համար ողբերգական էր Արցախի կորուստը, որ նոյնպէս միջազգային յարաբերութիւններու ծիրին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք մեծ պետութիւններու շահերու բախման հետեւանքն էր։
Թրամփի նախագահութեան օրօք կացութիւնը շատ աւելի անկայունացաւ։ Գանատայի, Կրէօնլանտի եւ Փանամայի նման անկախ պետութիւններ իւրացնելու անոր մտադրութիւնը այս անկարգութեան բացարձակ օրինակը դարձաւ, չհաշուած՝ անկախ պետութիւններու ղեկավարներու առեւանգումը (ինչպէս Վենեզուելայի նախագահ Մատուրոյի պարագան), ապա նաեւ իրանցի ղեկավարներու սպանութիւնը։ Ասոնց կը գումարուի Իսրայէլի գաղութատիրութեան նեցուկ կանգնիլը, եւ որ ամէնէն անընդունելին է՝ Միջազգային պատժական ատեանի դատաւորները պատժամիջոցներու ենթարկելն ու ունեզրկելը։ Անօրինականութեան հաստատումը շարունակուեցաւ կրօնական տարրի օգտագործումով՝ կա՛մ իբրեւ միջազգային ահաբեկչութեան գործիք, կա՛մ իբրեւ պետականաշինութեան գաղափարախօսութիւն, ինչ որ ծնունդ տուաւ մոլեռանդ ու ծայրայեղական շարժումներու։
Այս պայմաններուն մէջ, տարածաշրջանային միջին տարողութեամբ երկիրներ, ինչպէս՝ Իրանը, Փաքիստանը եւ Թուրքիան, շահաւոր դուրս եկան։ Զգուշանալով արտաքին անվտանգային անկայունութենէն՝ անոնք դիմեցին ինքնապաշտպանութեան միջոցներու, հզօրացան, եւ կարգ մը մարզերու մէջ դարձան մեծ պետութիւններու մրցակիցներ՝ միաժամանակ հանդէս գալով որպէս տարածաշրջանային խաղաղութեան միջնորդներ։
Միջազգային յարաբերութիւններու քայքայման ետին կ՚ուրուագծուի նոր քարտէս մը, որ կը միտի տիրանալ ուժանիւթի աղբիւրներուն եւ վերահսկել ովկէանոսային երթեւեկութիւնը, ուր ակնյայտ է Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի նման երկու գերտէրութիւններու մրցակցութիւնը։ Չինաստան տարիներէ ի վեր կ՚աշխատի վերակառուցել անց-
եալի մետաքսի ճանապարհները իբրեւ այլընտրանքային երթուղիներ՝ շրջանցելով միջազգային նաւարկութեան ուղիները։ Ճիշդ այս պայմաններուն մէջ է, որ Հայաստանէն անցնող «TRIPP» ճանապարհը միջազգային առեւտուրի նոր քարտէսին մէջ պիտի գրաւէ իր ուրոյն տեղը։ Նմանապէս, Իրանի կողմէ Հորմուզի նեղուցի փակումը ցոյց կու տայ միջազգային առեւտուրի մէջ Իրանի դերակատարութեան հզօրացումն ու ԱՄՆ-ու գերիշխանութեան նահանջը։
Ժ.Չ. ■
