Մոսկուա կը դատապարտէ Ալէն Սիմոնեանի յայտարարութիւնը

Ալէն Սիմոնեան

Ալէն Սիմոնեան ռուսական ընդդիմադիր «Տոժտ» (Дождь) հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի նորանշանակ քարտուղարը յայտարարած է, թէ զօրահաւաքէն խուսափող ռուսերը կրնան անխոչընդոտ մուտք գործել Հայաստան

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի նորանշանակ քարտուղար Ալէն Սիմոնեան ռուսական ընդդիմադիր «Տոժտ» (Дождь) հեռատեսիլի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստան պիտի չխոչընդոտէ նոր զօրահաւաքի պարագային Ռուսաստանէն հեռանալ փափաքող ռուս քաղաքացիներու մուտքը։ Ան շեշտած է, որ սահմանին վրայ անոնց ոչ ոք հարց պիտի տրուի իրենց ժամանման պատճառներուն մասին, եւ անոնք կրնան երկիր մուտք գործել ներքին անձնաթուղթերով։ “Ռուսերուն միայն մէկ բան կրնամ ըսել՝ բարի եկած էք Հայաստան։ Հայաստան ոչ մէկ կերպով պիտի խոչընդոտէ անոնց մուտքը, եւ անհրաժեշտութեան պարագային՝ պիտի օգնէ”,– նշած է ան։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն քննադատած է այս խօսքերը։ Նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան զանոնք որակած է «գրգռիչ»՝ մեղադրելով Սիմոնեանը ռուս քաղաքացիները օրինազանցութեան մղելու եւ հայկական աւանդական հիւրընկալութիւնը քաղաքականացնելու յանցանքով։ Բանբերը այս յայտարարութիւնը կապած է Երեւանի արեւմտամէտ քաղաքականութեան եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն վնասելու ընդհանուր միտումին հետ։

Նշենք, որ ռուս պաշտօնատարները, ներառեալ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւը, հերքած են նոր զօրահաւաքի լուրերը։ Յիշեցնենք, որ 2022 Սեպտեմբերին յայտարարուած մասնակի զօրահաւաքէն ետք եւս, Հայաստան ռուսաստանցիներու համար դարձած էր գլխաւոր ապաստաններէն մէկը։