Պաքու ներում շնորհած է լրտեսութեան մեղադրանքով բանտարկուած ֆրանսացի գործարարին

Մարթէն

Ազերպայճանի մէջ Ֆրանսայի հաշուոյն լրտեսութիւն ընելու ամբաստանութեամբ տասը տարի բանտարկութեան դատապարտուած ֆրանսացի գործարար Մարթէն Ռիան արժանացած է նախագահական ներման։ Փարիզ ողջունած է որոշումը՝ զայն որակելով մարդասիրական քայլ եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացման միտող դրական նշան:

Ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններուն՝ Ռիանի ազատ արձակումը մաս կը կազմէ Պաքուի եւ Փարիզի միջեւ կայացած փոխադարձ համաձայնութեան մը, որուն ծիրէն ներս Ֆրանսա կողմ արտայայտուած է ռուս գործարարներ Ալիշէր Ուսմանովի եւ Միխայիլ Ֆրիտմանի դէմ Եւրոպական Միութեան հաստատած պատիժներու վերացման:

Նշենք, որ «Mercorama» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնը ձերբակալուած էր 2023-ի վերջաւորութեան՝ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Ազերպայճանի ռազմական կարողականութեան եւ այլ պետութիւններու հետ գործակցութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ հաւաքելու մեղադրանքով, զոր սակայն ենթական բնաւ չէր ընդունած։ Ռիանի կողքին ներում շնորհուած է նաեւ շուրջ երկու տասնեակ այլ անձերու: