Ռուսաստանի ԱԳՆ. «Հայաստանին տրուած ԵՄ-ի խոստումները լոկ յայտարարողական են»

ՌԴ-ԱԳՆ

Պրիւսէլի կողմէ Հայաստանին խոստացուած աջակցութեան միջոցները հեռու են իրականութենէ եւ ընդհանուր առմամբ յայտարարողական բնոյթ ունին: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ըսած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական հարցերու վարչութեան տնօրէն Վլատիսլաւ Մասլեննիքով:

Ռուս դիւանագէտը նշած է, որ Եւրոպական Միութեան ներքին շուկան խիստ մրցակցային է ու կանոնակարգուած, եւ հոն հայկական արտադրանքին «անհամբեր չեն սպասեր»: Անդրադառնալով ԵՄ-ին անդամակցելու Հայաստանի քայլերուն՝ Մասլեննիքով յիշեցուցած է, որ թեկնածու երկիրները երկա՜ր տասնամեակներ կը սպասեն այդ կառոյցին միանալու համար:

Նշենք, որ վերջերս Եւրոպական խորհրդարանը հաստատեց Հայաստանի համար առեւտուրի արտօնեալ պայմաններու դրութիւնը (ազատականացնելով դէպի ԵՄ հայկական արտածման շուրջ 80 տոկոսը), Ռուսաստանի կողմէ հայկական ապրանքներու ներածման աստիճանաբար սահմանափակումէն ետք:

Մոսկուա կը պնդէ, որ Հայաստան պէտք է հանրաքուէ կազմակերպէ՝ ընտրութիւն կատարելով Եւրոպական եւ Եւրասիական տնտեսական միութիւններուն միջեւ: Երեւան, սակայն, յայտարարած է, որ առայժմ հանրաքուէի անհրաժեշտութիւն չի տեսներ, թէեւ կը ծրագրէ յառաջիկային սկսիլ ԵՄ-ին անդամակցելու դիմումի հոլովոյթը: